Board of Trustees Conference in Kingston

IMG-20151114-WA011Գանատայի Հայոց Թեմի
Հոգաբարձութիւններու, Երեսփոխաններու եւ Ազգային Պատգամաւորներու Միօրեայ
Խորհրդաժողով Քինկսթընի մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Պատգամաւորներուն միօրեայ սեմինարը նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի՝ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2015-ին, Քինկսթընի մէջ:

Օրակարգը կ’ընդգրկէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնի խօսքը, Ազգային Վարչութեան գործունէութեան ներկայացումը որ կատարեց պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Ատենապետ Ազգային Վարչութեան: Պրն. Տէր Ղազարեան յետադարձ ակնարկ մը կատարեց վերջին վեց ամիսներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն ու ապա կեդրոնացաւ յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին: Ապա, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ անդրադարձան իրենց իրավիճակի եւ ծրագիրներուն մասին։
Այս տարուան սեմինարի կեդրոնական նիւթն էր Ղեկավարութիւնը։ Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան ներկայացուց «Աւետարանչական եւ Աստուածա-բանական թեմաներ որոնք առընչութիւն ունին ղեկավարութեան հետ», իսկ Պրն. Մայք Թիթիզեան խօսեցաւ «Արդիւնաւէտ ղեկավարութեան մարտահրաւէրները հոգաբարձութեան գործընթացին մէջ»։ Աւարտին, աշխատանոցներով, ներկա-ները ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած մարտա-հրաւէրները եւ այդ հիման վրայ հանգեցան գործնական որոշումներու։

Խորհրդաժողովի վերջին օրակարգով հանդէս եկան Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ զեկուցեցին իրենց իրավիճակին եւ ծրագիրներուն մասին:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պահպանիչով փակուեցան օրուան օրակարգի նիւթերը:

IMG-20151114-WA009 IMG-20151114-WA019 IMG-20151114-WA024



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us