Առաջնորդ Սրբազանը կը մասնակցի
Աբգար Եպիսկոպոսի Հրաշափառին

IMG-20141125-WA004Երեքշաբթի, 25 Նոյեմեր 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան ներկայ գտնուեցաւ Էջմիածնական Թեմի նորապսակ Եպիսկոպոս Գերաշնորհ Տ. Աբգար Սրբ. Եպկ. Յովակիմեանի օծման և ձեռնադրութեան Հրաշափառի արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Պրն. Վարդավառ Փանոսեան, Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետ տիկին Տանիա Օհանեան եւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան Ատենադպիր՝ Պրն. Թորոս Պապիկեան։

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us