Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Ս. Ծնունդը դիմաւորեց Թորոնթոյի Համայնքին հետ Յունուար 5-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, նախագահեց Ճրագալոյցի պատարագը եւ Յունուար 6-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Ծննդեան իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Ս. Ծննդեան տօնը՝ Աստուածայայտնութեան...

IMG_4059Առաջնորդարանի Երիտասարդական Լսարան

Հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 20 Յունուար 2017-ին, սկսաւ Առաջնորդարանի երիտասարդական լսարաններու շարքի առաջին հանդիպումը, ղեկավարութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանին՝ Վարիչ, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին։ Լսարանի առաջին նիւթն էր՝ «Երիտասարդութիւնը, Հայ Եկեղեցին եւ ընկերային կեանքի ամէնօրեայ փոփոխութիւնները», որ ներկայացուց Հայր Վարդան, անդրադառնալով Աստուածաշունչի մասին եւ թէ ինչո՞ւ կարեւոր է կարդալ Աստուծոյ խօսքը ընտանիքներէն ներս, ի՞նչն է որ մեզ ետ կը պահէ եկեղեցի երթալէ, հայ ընկերութեան մէջ ի՞նչպիսի առաւելութիւններ եւ կամ թերութիւններ կը տեսնենք, ո՞րքանով մեզ կը հետաքրքրէ համայնքային հաւաքական կեանքի առողջ կառոյցը, մենք մեր անձերը ո՞ւր կը տեսնենք որպէս քրիստոնեայ երիտասարդներ, ի՞նչ են երիտասարդութեան այժմեան դժուարութիւններն ու հարցերը, ի՞նչ է երիտասարդ, ընտանիք եւ եկեղեցի գաղափարները միացնող կապը, եւ վերջապէս, ի՞նչ ծրագիրներ կարելի է մշակել առաւել թափով երիտասարդնրը ներգրաւելու մեր ազգային եկեղեցական կեանքէն ներս։
If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us