ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՌՈՂՋԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով, առողջական պատճառով հրաժարական ներկայացուց իր Առաջնորդի պաշտօնէն՝ Ազգային Վարչութեանս 11 Նոյեմբեր 2015-ի լիագումար ժողովի աւարտին։ Նախքան այդ, Սրբազան Հայրը դարձեալ 30 Հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով, իր անձնական հրաժարագիրը արդէն իսկ փոխանցած էր...

ՀԱՆԳԻՍՏ Գանատայի Հայոց Թեմը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ բազմավաստակ Պատուակալ Հովիւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ՝ Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2015-ին։ Վախճանեալին համար Սուրբ Պատարագ եւ Վերջին Օծում տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին։ Թաղման...

Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան Կը ստանայ Վարդապետական Գաւազանի Իշխանութիւն

  ARM_5030Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով, Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2015-ին, յետ «Կիրակմուտքի» ժամերգութեան, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ՝ Հոգշ. Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանի Վարդապետական Գաւազանի տուչութեան արարողութեան առաջին բաժինը, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Անդրանիկ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ խարտաւիլակութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի։ Ձեռնադրիչ Սրբազանը՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը եւ խարտաւիլակին՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի միջնորդութեամբ կատարեց ընծայեալ աբեղային հաւատքի քննութիւնը: Ան նզովեց բոլոր աղանդաւոր հերձուածողները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեց իր հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով բոլոր հայրապետներու ուսուցումներուն: Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2015-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն անմիջապէս առաջ, ձեռնադրիչ Սրբազանը շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ ատեանը: Յաջորդաբար Հայր Վարդանին շնորհեց Վարդապետական Մասնաւոր Իշխանութեան Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին կողմէ սահմանուած առաջին չորս աստիճանները եւ յանձնեց Վարդապետական գաւազանը:
If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us