Առաջնորդական Պատգամ Նոր Տարուան առիթով  

ՈՒՐԱԽԱԼԻ ՊԱՏՄՈՒՃԱՆԸ ԳՏՆԵԼՈՒ ՓԱՓԱՔՈՎ

«Ահա՛, ես նո՛ր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի պատահի… Ես անապատին մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ, Եւ ամայութեան մէջ գետեր պիտի հոսեցնեմ»։ (Եսայի 43.18-19)

Աստուծոյ օրհնութեամբ, դարձեալ ականատես վկաներն ենք, 2016՝ Նոր Տարուան գալուստին ու վստահաբար նորը իր հետ պիտի բերէ նոր յոյսեր, յաջողութիւններ, սխրանքներ, յաղթանակներ ու բարիքներ։ Կասկած չկայ, որ ամէն տարի, առանց հինը մոռնալու՝ ետեւ ձգելու ճիգ մը կը թափենք, աւելի լաւին, աւելի գեղեցիկին եւ կատարեալին հասնելու փափաքով։ Անտարակոյս, կեանքի բոլոր ժխտական երեւոյթներէն ձերբազատուելու խոստումներով կը դիմենք մեր հարազատներուն, որոնց օրհնութեան կ՚արժանանանք՝ ներողամտութեամբ եւ սիրով։ Սակայն, գիտակից պէտք է ըլլանք նաեւ, տեսնելու կեանքին ճշմարտութիւններն ու «Բնական Օրէնքները», որոնք միշտ մեր ուզածին պէս չեն։ Անոնք երբեմն կը վիրաւորեն մեզ եւ երբեմն ալ կը ցաւցնեն։ Մատիտի պէս մէջտեղէն կը կտրեն եւ ծաղկամանի պէս փշուր-փշուր կը տարտղնեն։ Կեանքը այսպէս է։ Բայց կեանքը այսպէս չէ՛ եւ պիտի չըլլա՛յ բոլոր անոնց համար, որոնք Քրիստոնէական հաւատքով վահանաւորուած են։ Քրիստոնեայ մարդը կեանքը պէտք է ընդունի այնպէս՝ ինչպէս որ է։ Եթէ արեւին ջերմութեան եւ լոյսին կը հաւատանք, ուրեմն, պիտի հաւատանք նաեւ ա՛յն գիշերուան, որ պիտի յաջորդէ շողշողուն օրուան։ Եթէ երիտասարդական մեր ոյժին կը հաւատանք ու կրնանք մեր գօտիները մեր ձեռքերով կապել, պիտի հաւատանք նաեւ, որ ժամանակ մը ետք, ուրիշներ պիտի կապեն մեր գօտիները եւ պիտի տանին հոն՝ ուր չենք ուզեր երթալ (հմմտ Յհ 21.18)։ Եթէ ծնունդին կը հաւատանք, պէտք է հաւատանք նաեւ ի Տէր ննջման. ո՛չ մահուան, որուն կը հաւատան անհաւատները։

Գանատայի Հայոց Թեմի Հոգաբարձութիւններու, Երեսփոխաններու եւ Ազգային Պատգամաւորներու Միօրեայ Խորհրդաժողով Քինկսթընի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հոգեւոր Հովիւներուն, Հոգաբարձութեանց, Երեսփոխաններուն եւ Ազգային Պատգամաւորներուն միօրեայ սեմինարը նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի՝ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2015-ին, Քինկսթընի մէջ: Օրակարգը կ’ընդգրկէր Առաջնորդ Սրբազան...

Their courage, service and sacrifice will never be forgotten Each year, in November, hundreds of commemorative ceremonies and events take place across the country to commemorate Veterans’ Week and Remembrance Day. These are opportunities for all Canadians to recognize the contribution our Veterans have made and...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հորիզոն Շաբաթաթերթի 35-ամեակի առիթով Նոյեմբեր 1-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Ահարանեան» սրահին մէջ հաւաքուած «Հորիզոն»ի հաւատարիմ ընթերցողներու, բարեկամներու եւ աջակիցներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրման 35-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ...

Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Քարթիէվիլ Ծերանոց այցելեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, ընկերակցութեամբ Հ.Օ.Միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ անդամներուն։ Հայր Սուրբը իւրաքանչիւրին հետ անհատաբար ծանօթացաւ եւ հաւաքական աղօթքներէ ետք հոգեւոր ապրում եւ ներշչում տուաւ տարեցներուն։ Հայր Սուրբը գնահատեց ՀՕՄ-ի աշխատանքն ու նուիրումը, յատկապէս մեր հայ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us