Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Նորին Վսեմութիւն Պրն. Կարէն Միրզոյեան ընկերակցութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Պրն. Արմէն Եգանեանին եւ Ռոպերթ Աւետիսեան  այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ....

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին   Ծանօթացման Հանդիպումները Ա.    Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ Գանատայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէներուն հետ։ Սոյն հանդիպման ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Ազգային Կեդրոնական...

Թեմակալ Առաջնորդի Հրաւէրով՝ Հանդիպում Հայ-յարանուանութեանց Պետերուն Հետ Հինգշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հօր հրաւէրով, ծանօթացման առաջադրանքով հանդիպում մը կայացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի եւ Մոնթրէալի միջ-յարանուանական մարմնին միջեւ։ Ներկայ էին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերապատիւ Տ. Աբգար Վրդ. Յովակիմեան,...

Հանդիպում Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Լէփինին հետ Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի յետ միջօրէին, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան ընկերակցութեամբ Հայ Յարանուանութեան ներկայացուցիչներուն, հանդիպեցաւ Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Քրիսթյէն Լէփին Արքեպիսկոպոսին հետ։ Հանդիպման նպատակն էր հրաւիրել Արքեպիսկոպոսը, 20 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունենալիք Միջ-եկեղեցական Աղօթքին, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը՝ Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանէն ներս   Չորեքշաբթի, 29 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգեւորականաց Դասուն եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետին, այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանը, ուր...

Շահան Արքեպիսկոպոս կը ժամանէ Մոնթրէալ Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արքեպս. Սարգիսեան ժամանեց Մոնթրէալի Միջազգային օդակայանը։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդին եւ տեղւոյս Հոգեւորականաց Դասին եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետին կողմէ։ Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Անդրանիկ Այցը Պարգեւեց Ս. Յակոբ Ամէնօրեայ Ազգային Վարժարանի Աշակերտութեան Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան` Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէին, իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի Երկրորդականի աշակերտութեան, որոնք յատուկ հանդիսութիւն մը պատրաստած էին Սրբոց Թարգմանչաց...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պարգեւեց իր Անդրանիկ Այցը Ս. Յակոբ Շաբաթօրեայ Վարժարանի Աշակերտութեան Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան` Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, իր անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ Շաբաթօրեայ Վարժարանի աշակերտութեան, որոնք յատուկ յայտագիրով մը ողջունեցին Սրբազան Հայրը՝ Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին առիթով։ Տեղի...

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման Երեկոյ Ընդ բարձր հովանաւորութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդը կազմակերպած էր Հայ Ուսուցիչներու Գնահատման տարեկան երեկոն, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բասդրմաճեան Թատերասրահ»էն ներս։ Երեկոն նուիրուած...

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Պատմականն ու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Վաւերագրական մը։ Հարցազրոյց՝ Հայ Կեդրոնի Հանգանակիչ Մարմինի Անդամներուն հետ։ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԿՈՉը:   ...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us