The Plenary meeting of the Central Religious Council of the Holy See of Cilicia began yesterday, Thursday, January 23, in Antelias, Lebanon, under the Presidency of His Holiness Catholicos Aram I. The 13-member committee is comprised of representatives of resident members of the Cilician Brotherhood...

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ 2 0 1 4

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան եւ բացուող Նոր Տարուան խորհուրդով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք ձեզ՝ մաղթելով երկնային բարիքներով լեցուն հարուստ ու երջանիկ օրեր։ Մեր նախաձեռնած աւանդութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարին կը ձօնենք մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող արժէքի մը, երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ նպատակի մը, հրաւիրելով մեր ժողովուրդի զաւակները ամբողջ տարուան ընթացքին այդ մասին խորհրդածելու, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ու մանաւանդ գործնական քայլերու դիմելու՝ ի խնդիր մեր ազգի առաւել ծաղկման, մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու մեր հայրենիքի հզօրացման։ Այս ակնկալութեամբ, 2013 տարին հռչակած էինք «Հայ Մօր Տարի»։ Մեր գաղութներէն ներս տեղի ունեցան բազմազան ձեռնարկներ ու վերաշեշտուեցաւ հայ մօր վիճակուած եզակի դերը, յատկապէս նոր մտահոգութիւններով, տագնապներով ու մարտահրաւէրներով լեցուն ներ-կայ ժամանակներուն։ Նկատի ունենալով հայ ընտանիքէն եւ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն ներս տարեց սերունդին կատարած յոյժ կարեւոր դերը ու անոր նկատմամբ մեր ունեցած խոր սէրն ու բարձր յարգանքը, 2014 տարին կը հռչակենք՝ «ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ»։

Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի եւ Ազգային Վարչութեան խառն ժողովին, Գերապատիւ Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ, Գանատայի Հայոց Թեմին: Հայր Մեղրիկ Վարդապետի Գանատայի մէջ ծառայութիւնը սկսած է 19 Դեկտեմբեր 2002-ին,...

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us