Տ. ԱՐՄԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԻՇԽԱՆԵԱՆԻ
ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ

Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեան, Թեմիս Հոգեւորականաց Դասն ու Ազգային Վարչութիւնը՝ կը շնորհաւորեն Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակը:

40 տարիներու ծառայական վաստակով ու հոգեւոր կեանքի յանձնառութեամբ, Տէր Հայրը միշտ առողջ պահեց քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան կենսատու կապը:

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Տէր Արմէնին պարգեւէ մշտական առողջութիւն եւ մտքի արթնութիւն, որպէսզի շարունակէ իր եկեղեցական նուիրեալ կեանքը:

ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us